ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Երփներանգ ծաղիկներու երկու նոր փունջեր եւս քաղուած Ս. Խանամիրեան եւ Լեւոն եւ Ս. Յակոբեան գոլէճներու կրթական անդաստանէն կÿընծայաբերուին այսօր հայ ժողովուրդին։ Թէպէտեւ անոնց փթթումն ու ծաղկումը կատարուեցան արտասովոր պայմաններու մէջ, սակայն անոնք բան չկորսնցուցին իրենց աւանդական յատկանիշներէն, իրենց հաղորդական բոյրէն։

Պետական Բ. պաքալօրէայի քննութեանց մէջ, Ս. Խանամիրեան

Գոլէճի աշակերտութեան արձանագրած բացառիկ յաջողութիւնը

եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու որ գոլէճը, ի հեճուկս տիրող դժնդակ պայմաններուն անցնող երկու տարիներու ընթացքին, շարունակեց մնալ յաջողութեան այն պատուաբեր ընթացքին մէջ, որ իրը եղած էր վերջին տարիներուն։ 94% յաջողութեամբ, երբ պետական միջինը եղած է միայն 70%, Սուրէն Խանամիրեան Գոլէճը արդարօրէն կը դասուի ոչ միայն լիբանանահայ այլ ամբողջ Լիբանանի լաւագոյն գոլէճներու կարգին։

Լեւոն եւ Ս. Յակոբեան Գոլէճը, որ վաղուց մեզի վայելքը տուած էր նմանօրինակ ապրումներու, առիթը չունեցաւ զայն շարունակելու տրուած ըլլալով որ կրթական նախարարութեան որոշումով Ա. պաքալօրիայի եւ պրըվէի քննութիւնները երկու տարիէ ի վեր առկախուած կը մնան։

Այս առիթով կ՜ուզեմ իմ գնահատանքս յայտնել մեր զոյգ գոլէճներու խնամակալութեանց, ի մասնաւորի յարգելի տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, որոնց փութաջանութեան եւ հետեւողական աշխատանքին կը պարտինք գլխաւորաբար ձեռք ձգուած արդիւնքը։

Շնորհաւորութեան խօսք ունիմ յատկապէս շրջանաւարտներուն եւ իրենց յարգելի ծնողներուն եւ պարագաներուն։

Շրջանաւարտ աշակերտներու ծնողները իրաւունք ունին հպարտ ըլլալու իրենց զաւակներուն արձանագրած փայլուն յաջողութիւններուն համար, իսկ գոլէճներու խնամակալ մարմինները, տնօրէններն ու ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ Ուսումնական Խորհուրդը եւ անոր նախագահ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը չեն կրնար չհրճուիլ ի տես այս գնահատելի արդիւնքին։

Կրթական կեանքին մէջ յաջողութիւնը, առ հասարակ, հետեւանք է հաւաքական ճիգերու մէկտեղումին։ Ազգային իշխանութիւն – տնօրէն – ուսուցիչ – աշակերտ – ծնողք փոխ յարաբերութիւններն ու փոխադարձ հասկացողութիւնը, որուն պէտք է աւելցնել նաեւ որակաւոր ուսուցչական կազմի մը եւ հեղինակաւոր տնօրէնի մը ճառագայթող ներկայութիւնը, մեծապէս կը նպաստեն գործին յաջողութեան։

Առ այդ, կ՜արժէ շեշտել այն իրողութիւնը որ ազգի մը կեանքին մէջ չկայ անհատական թէ հաւաքական ճիգերու աւելի լաւ օգտագործում քան այն ինչ որ կÿըլլայ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան եւ կրթութեան համար։ Ոչ մէկ յաջողութիւն չի կրնար հիմնաւորուիլ առանց համապատասխան մշակոյթի։

Պէտք չէ սակայն շփոթել մշակոյթը շատ բան գիտնալուն հետ։ Մշակուած ըլլալ չի նշանակեր, ինչպէս կ՜ըսէ յայտնի մտաւորական Փիեռ Թիպէրկէն, ըլլալ շտեմարան մը գիտելիքներու, հոր մը գիտութեան, բառարան մը եւ կամ, աւելի պարզ արտայայտուելով, ամէն բան լսած կամ ամէն բան կարդացած ըլլալ։

Ուսումը անկասկած մշակուելու ամէնէն արագ միջոցն է։ Ան կը մարզէ յիշողութիւնը, կը սորվեցնէ տրամաբանել եւ գիտելիքներու որոշ պաշարով մը կÿօժտէ ենթական։ Սակայն եթէ հոն կանգ առնենք, կարելի չէ ըսել որ մշակուած միտք մը ունինք։

Մշակոյթը կը կազմաւորէ մարդու դատողութիւնը։ Անոր կու տայ քննադատի հայեացք եւ խորաթափանց միտք, զգայնութեանց նրբութիւններ, լայնախոհութիւն։ Ան միտքը կը բանայ իմացական եւ մարդկային կեանքը շահագրգռող հարցերու շուրջ, կը հաստատէ ուղիղ եւ մնայուն կապ, իրականութեան լոյսին տակ, մարդուն եւ զինքը շրջապատող անձերու եւ իրերու միջեւ։

Ահա այս է մշակոյթին դերը որուն կը ձգտին առ հասարակ կրթական հաստատութիւնները։

Աւելցնենք հոս սակայն որ որեւէ մշակոյթ չի կրնար որակեալ նկատուիլ եթէ ան չէ հիմնուած բարոյական արժէքներու գիտակցութեան վրայ։

Որեւէ ազգային մշակոյթ հարազատ չէ եթէ իր արմատները չէ տարածած իր ժողովուրդին հոգեկան ենթահողին եւ պատմութեան մէջ, եթէ ան չի սնանիր իր ազգին իրաւ արժէքներու ու հիմնական սկզբունքներու վճիտ ակունքներէն։

 

Սիրելի շրջանաւարտներ,

Ահա եկաւ վերջապէս հրաժեշտի այն պահը երբ դուք հարկադրաբար պիտի լքէք ձեր վարժարանը, ձեր մանկութեան օրրանը եւ պիտի ընդգրկէք կեանքի նոր ուղիներ։ Ձեզմէ շատեր հաւանաբար պիտի շարունակեն իրենց ուսումը եւ ուրիշներ նետուին կեանքի գուպարին մէջ։ Քիչ ետք բաժանումի այս խորհրդաւոր պահն ալ պիտի անցնի հեզասահ ու միանայ այս վարժարանին այլ յուշերուն, որոնք տիրական խորքը կը կազմեն ձեր մանկութեան, պատանեկութեան եւ մատղաշ երիտասարդութեան։ Այդ խորքը ժամանակի թաւալումին հետ պիտի հետզհետէ հեռանայ ու նմանի բնանկարներու այն մշուշապատ խորքերուն, որոնք երբ դիտէք՝ կը լարեն ձեր երեւակայութիւնը եւ կ՜առաջնորդեն ձեզ երազանքի։

Սակայն ինչպէս բոլոր բնանկարներու մէջ, նաեւ ձեր յիշողութեան պաստառին վրայ կը մնան պայծառ ու ցցուն կարգ մը կէտեր, որոնք մարդկային եւ բարոյական արժէքներու գնահատման ինչպէս նաեւ ազգային գիտակցութեան կապուած ճշմարտութիւններ են, զորս դուք սորվեցաք այս վարժարաններուն մէջ եւ երբեք պիտի չմոռնաք։

Պիտի չմոռնաք վարժարանին հայաշունչ մթնոլորտը, որուն շնորհիւ կազմաւորուեցաւ հաւատաւոր հայու ձեր դիմագիծը։

Պիտի չմոռնաք ձեր տնօրէնը եւ ամէն օր քիչ մը աւելի լաւ պիտի ըմբռնէք իմաստը այն բոլոր յորդորներուն եւ ցուցմունքներուն՝ զորս դուք կը լսէիք իրմէ։

Պիտի չմոռնաք ձեր դաստիարակներն ու ուսուցիչները, որոնք ձեր դպրոցական տարիներու երկայնքին անդուլ աշխատանքով եւ համբերութեամբ դարբնեցին ձեր մէջ «մարդը», կերտեցին նկարագիր եւ ներշնչեցին սէր գեղեցիկին ու բարիին ու փափաքը յարատեւ աշխատանքին եւ ծառայութեան։ Ցոյց տուին վեհանձնութեան առաջնորդող ճանապարհները, սորվեցուցին ըլլալ պարտաճանաչ քաղաքացի, կրթուած անհատ բացուած համամարդկային դրական արժէքներու եւ երեւոյթներու առջեւ, հայրենասէր եւ գիտակից՝ ազգային բոլոր արժէքներուն նկատմամբ։

Եթէ ճիշդ է որ մանուկն ու պատանին իրենց նկարագրի կազմաւորման մէջ անջնջելի կերպով կը պահեն հետքերը իրենց ապրած միջավայրի ազդեցութեան ինչպէս եւ իրենց ստացած կրթութեան, ուրեմն արդարօրէն կրնանք ըսել որ Սուրէն Խանամիրեան եւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճները պիտի ապրին ձեր ամէն մէկուն սրտին մէջ ձեր անձին հետ շաղախուած իբրեւ անբաժանելի գործօն ձեր անհատականութեան։

Ձեր դպրոցը պիտի մնայ առանցքը անցեալի ձեր բոլոր յուշերուն եւ պիտի դառնայ մնայուն ներշնչարանը ձեր անդրագոյն նուաճումներուն։

Դուք հոն գտաք ձեր մտքի զարգացումին սատարող անհրաժեշտ միջոցներ եւ հոգիին ազնուացման նպաստող միջավայր։ Այս վարժարաններէն ներս ոչ միայն բազմազան գիտելիքներու ընտիր պաշար մը ամբարեցիք, այլ հաղորդակից դարձաք հայու դարաւոր ստեղծագործ մտքին, հայ մշակոյթին եւ ստացաք ազգային դաստիարակութիւն։

Սակայն այդ բոլորը բաւարար չեն։ Ձեր բոլորին ծանօթ է յոյն փիլիսոփայ Սոկրատի պատասխանը երբ իրեն կը հարցնեն թէ ի՞նչ բանը ամենալաւ  գիտէ։  Անոր պատասխանը հետեւեալը կ՜ըլլայ. «Ամենալաւ գիտցած բանս այն է որ դեռ բան չեմ գիտեր»։  Արդարեւ, դպրոցը կը սորվեցնէ սկզբունքներ, աւելի ճիշդը սորվիլ կը սորվեցնէ։ Դուք էք որ ձեր կեանքի ընթացքին պիտի մշակէք ձեր միտքը եւ պիտի զարգանաք անընդհատ։ Մի մոռնաք որ մարդ կ՜արժէ այն ինչ որ է եւ ոչ թէ այն ինչ որ ունի։ Զարգացումին դերը մեր կեանքին մէջ անգնահատելի է։ Անոր անդրադարձը կը տեսնենք ամէն մակարդակի վրայ։

1918ի Համաշխարհային Ա. Պատերազմին կը գրէ զօրավար Ֆրանսուա Ժենատրի, երբ մարաջախտ Ֆոշ Վերտէօնի ճակատամարտին հերոսը, առաջնորդեց դաշնակից բանակները վերջնական յաղթանակի, Կապրիէլ Հանօթօ, ֆրանսացի ակադեմական եւ պատմաբան, իրեն հարց կու տայ իմանալու համար թէ իր բազմակողմանի խոր զարգացումը արդեօք դեր ունեցա՞ւ շահելու համար պատմութեան ամենամեծ ճակատամարտներէն մէկը, որ տեւեց 24 ժամ միայն եւ որուն ընթացքին մեռան աւելի քան 600 հազար զինուորներ։ Մարաջախտ Ֆոշ կը պատասխանէ. ընդհանուր զարգացումս օգնեց ինծի կարենալ առնելու համար այս կարգի ծանրակշիռ որոշում մը եւ պատասխանատու քայլ մը։

Ազգային վարժարաններու կրթական առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր լոկ ուսում եւ դաստիարակութիւն ջամբելով։ Անոնք չեն բաւարարուիր իրենց աշակերտութեան տալով գիտելիքներու պաշար մը եւ մտքի կառոյց, որոնցմով կարենան իրենց ուսումը շարունակել եւ տիրանալ փայլուն ապագայի։

Չի բաւեր նոյնիսկ լաւ հայերէն սորվիլ, ազգային պատմութիւն գիտնալ ու ծանօթ ըլլալ հայ մշակոյթին եւ Հայ Դատին։

Մենք զմեզ թերացած կը նկատենք մեր կրթական պարտականութեան մէջ, եթէ մեր վարժարաններու շրջանաւարտները ըլլան միայն նիւթապէս ապահովուած եւ վարեն կրաւորական եւ լուսանցքային կեանք։

Մենք կ՜ակնկալենք որ դառնան գիտակից իրենց պատկանելիութեան, տէր իրենց ինքնութեան եւ յանձնառու։

Հայ երիտասարդը պիտի ըլլայ յանձնառու իր անձին նկատմամբ։ Պիտի անվերջ զարգանայ ու մշակուի, պայքարի իր նկարագրային տկարութիւններուն դէմ ու յարատեւ ճիգ թափէ շարունակէ ինքզինք գերազանցելու համար։

Պիտի յանձնառու ըլլայ իր ընտանիքին հանդէպ ու գիտնայ երախտապարտ ըլլալ բոլոր անոնց, ծնողք թէ բարեկամ, որոնց խնամքին կամ ծառայութեան առարկան եղած է։

Պիտի յանձնառու ըլլայ իր ապրած հայրենիքին հանդէպ եւ իբրեւ պարկեշտ քաղաքացի պիտի հաւատարմօրէն յարգէ անոր օրէնքները, սատարէ խաղաղ ու բարգաւաճ կեանքի վերադարձին եւ ի հարկին իր զոհողութեան բաժինը բերէ անոր անկախութեան ամրապնդման։

Վերջապէս ու մանաւանդ պիտի ըլլայ յանձնառու իր ազգային պարտականութեանց նկատմամբ։ Պիտի գուրգուրայ իր դարաւոր մշակոյթին վրայ եւ զայն փոխանցէ հարազատօրէն յաջորդ սերունդներուն։ Պիտի տէր կանգնի իր ինքնութեան, պահանջատէր ըլլայ իր սրբազան իրաւունքներուն ու պայքարի անոնց տիրացման համար, ինչ զոհողութիւն ալ պահանջէ այդ իրմէ։

Գօտեպնդուած իր ժողովուրդին արժանիքներուն հանդէպ ունեցած հաւատքի ոյժով՝ պիտի կուրծք տայ օտարամոլութեան յորձանքներուն դէմ։

Բայց զգոյշ, այս բոլորը պէտք է ըլլան գործով եւ ոչ խօսքով։ Չի բաւեր ծարգիրներ մշակել եւ զանոնք դրբեւորել պարզ փափաքի տարազին տակ եւ կամ խօսքերու եւ ճառերու սահմաններուն մէջ։ Խօսքերը պէտք է թարգմանուին գործով։ Դրական եւ մնայուն արժէք ներկայացնողը գործն է, անդուլ եւ յարատեւ ճիգն է ի խնդիր այն իտէալին, որուն կը ձգտինք բոլորս։

Պէտք է ըլլալ իրատես ու հարցերը քննել գիտական մօտեցումով։ Չտարուիլ ամբոխավարութենէ։ Առարկայականութիւնը սկզբունք դարձնել եւ դասել ճշմարտութիւնը իր անձէն վեր։ Այն ատեն միայն մեր ազգային յաջողութիւնները կրնան ուրուագծուիլ մեր խղճի հորիզոններուն վրայ։ Յանձնառու ըլլալով ձեր անձին եւ ազգին հանդէպ, յանձնառու կ՜ըլլաք պատմութեան մէջ։

Արդարեւ, պատմութիւնը կը կերտուի յանձնառու անհատներու եւ հաւաքականութիւններու անտեղիտալի կամքով։

Կամ այն է, որ հայ երիտասրադը պիտի ըլլայ յանձնառու եւ հաւաքական ճիգերով ուղղութիւն տայ իր ազգային ճակատագրին եւ կամ պիտի նմանի ղեկը կորսնցուցած նաւակին, որ յանձնուած կոհակներու քմահաճոյքին, օր մը, պիտի նետուի պատահական որեւէ ծովափ։

Եթէ ամրակուռ կամքով, մտածուած  աշխատանքով  եւ  յարատեւ ճիգերով չփորձենք պատմութեան ընթացքը նպաստաւոր հունի մէջ դնել, ան մեզ կը դասաւորէ ազգովին՝ համաձայն իր ընդհանրական հոլովոյթին։

Պիտի վերջացնեմ գրագէտ եւ մտաւորական Պուրսուա Մասէի խօսքով. «Կեանքը խոստում մըն է, զոր պէտք է յարգել, պտուղ մըն է՝ զոր պէտք է հասունցնել, գործ մըն է մեզի յանձնուած՝ զոր պէտք է աւարտել»։