Վեհափառ Տէր,

Սրտի անհուն հրճուանքով եւ որդիական ակնածանքով, յանուն Լիբանանի թեմին ազգային վարչութեան եւ անոր լծակից ազգային բոլոր մարմիններուն, թոյլ տուէք որ ողջունեմ ձեր վսեմափայլ ներկայութիւնը առաջնորդարանի այս համեստ սրահին մէջ։

Լիբանանի թեմին շնորհած ձեր անդրանիկ այցելութեան բարեբաստիկ առիթով, լիբանանահայութիւնը առ հասարակ եւ ձեզ շրջապատող ժողովականներն ու յարգարժան հիւրերը յատկապէս կ՜ապրին այսօր հոգեկան գոհունակութեան եւ ցնծութեան օր մը։

Եթէ ձեզի ծանօթ պատճառներով, ձեր այցելութիւնը չի կատարուեցաւ այն վեհաշուք ընդունելութեամբ զոր պիտի ուզէինք ընել կրնաք սակայն վստահ ըլլալ որ ան բոլորիս պատճառեց վարակիչ խանդավառութիւն մը եւ ազգային հպարտութիւն մը զորս կարելի չէ քօղարկել։ Առ այդ կը մաղթեմ մեր սիրելի լիբանանին երկնաթոյր խաղաղութիւն եւ հոգիներու միութիւն որպէսզի ան կարենայ շարունակել իր պատմական դերը որ դարերէն կու գայ եւ կը համապատասխանէ իւրայատուկ իր կոչումին։

Սովորութիւն է երբեմն, մեծ անձնաւորութիւններու այցելութեան առիթով, բարձրամեծար հիւրը ներկայացնել հիւրընկալներուն։ Այս պարագային, սակայն, իբրեւ Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ մեր հայրապետը, դուք թէ հիւրն էք եւ թէ տան տէրը։ Այս երեւոյթը ինքնին կը բնորոշէ Ձերդ Սրբութեան առանձնայատկութիւնը որուն համաձայն Ձեր անձն ու Ձեր ժողովուրդը կը միախառնուին Ձեր հոգիին մէջ։ Ան կը բացատրէ նաեւ այն բոլոր խորազգաց ապրումները զորս կÿունենաք տառապելով ձեր ժողովուրդին ցաւերով ինչպէս նաեւ հրճուելով անոր նուաճումներուն եւ արձանագրած աջողութիւններուն համար։ Եւ արդէն ո՞վ չէ ճանչցած ձեզ, Վեհափառ Տէր։ Որո՞ւն հոգիին մէջ չեն թափանցած ձեր մշակուած մտքի լուսաշող ճաճանչները։ Որո՞ւն մտածումներուն մէջ տեղ չեն գտած հայ եկեղեցական եւ մշակութային վերականգնումի ձեր գաղափարները։ Ո՞վ ենթակայ չէ եղած ձեր անհատականութեան ճառագայթող հմայքին։ Ձեր շուրջ լոյս ու ջերմութիւն բաշխելով դուք կը նմանիք Բոլ Քլոտելի խօսքերով` «Վառած ջահի մը որուն ներկայութեան կը գտնուին ապահովաբար լոյս եւ ջերմութիւն»։

Անսակարկ նուիրումի ձեր կեանքին օրինակով ցոյց տուիք ծառայելով բարձրանալու ուղիղ ճանապարհը նամանաւանդ ծառայութեան մէջ գտնելու հոգեկան գոհունակութիւնը։

«Միայն ուրիշներուն համար ապրուած կեանքն է որ կÿարժէ իրապէս ապրիլ» ըսած է Այնշթայն։ Եթէ այդ ճիշդ է ուրիշներուն համար ապրելու պարագային, հապա որքան ճշգրիտ  է  երբ  այդ կեանքը ապրուած է մեր հարազատ ժողովուրդին, մեր հայրենիքին եւ մեր եկեղեցիին համար։

Վեհափառ Տէր, այս հանդիսաւոր պահուն երբ Ձեր հայրապետական այցելութեան առիթով մեզի պատիւը կը շնորհէք աւանդական հացն ու աղը միասին բաժնելու թոյլ տուէք յայտնեմ որ ազգային գոյակցութեան Ձեր ճանապարհը պիտի ըլլայ նաեւ մերը։ Մնալով հանդերձ բացուած համամարդկային իրաւ արժէքներու առջեւ, պիտի շարունակենք մեր ընթացքը մնալով հաւատարիմ մեր ազգային խղճին եւ կենդանի պահելով շունչը մեր ազգային ոգիին։ Այդ պիտի ընենք, համախմբուելով մնայուն արժէք ներկայացնող ազգային հիմնական խարիսխներուն, մեր կաթողիկոսուեթան, եկեղեցիներուն, մշակութային եւ քաղաքական կեդրոններուն եւ մանաւանդ մեր կրթական օճախներուն շուրջ որպէսզի անոնց բոցավառումով առաւել լուսաւորուին մեր մթագնած հեռանկարներու դժուարամատչելի ուղիները։

Կրկնելով մեր անխառն ուրախութիւնը Ձեր հայրապետական այցելութեան առթիւ, ներեցէք ինծի Վեհափառ Տէր որ մաղթեմ ձեզի երկար եւ բազմաբեղուն կեանք որպէսզի կաթողիկոսարանը, ունենալէ յետոյ ամրակուռ կառոյցք, դառնայ նաեւ Ն.Ս.Օծութիւն Խորէն Վեհափառ Հայրապետին հայրական հոգածութեամբ եւ օգնութեամբ ինչպէս նաեւ աջակցութեամբը Ձեր գործակիցներուն «իսկապէս տուն մը, տաք շունչով, հարուստ սեղանով լեցուն, այսինքն մեր ազգին համար սնունդի եւ ուրախութեան աղբիւր» ինչպէս կÿըսէիք ձեզի յատուկ պերճախօսութեամբ ձեր կաթողիկոսական օծման առթիւ խօսած անդրանիկ քարոզին մէջ։

Բարի եկաք Վեհափառ Տէր, Ձեր տանը մէջ։

 

4-12-1977

4-12-1977