Պիտի ուզէի շնորհակալութեան եւ խորին ակնածանքի խօսք ուղղել մեր Վեհափառ Հայրապետին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսին որուն բարձր ներկայութիւնը այս դասախօսութեան մեծապէս կը պատուէ մեզ՝ բոլորս եւ կը վկայէ իր հայրական հոգածութիւնը հանդէպ հայ համալսարանական ուսանողութեան գործունէութեան նաեւ իր նախանձախնդրութիւնը հայ վարժարաններու կատարելիք ազգային դերին նկատմամբ։
Շնորհակալութիւն Գերաշնորհ հայր Անուշաւան վարդապետին ինչպէս նաեւ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութեան ու անոր ազնուափայլ ատենապետուհիին որոնք կազմակերպելով այս հանդիպումը առիթ ընծայեցին որ բոլորս միատեղ խորհրդածենք մեզ շահագրգրող կարեւոր հարցի շուրջ որ է. «Հայեցի դաստիարակութիւնը եւ առ հասարակ հայ մշակոյթի արժէքներուն տարածումն ու զարգացումը մեր վարժարաններէն ներս»։
Սիրելի բարեկամներ եւ բարեկամուհիներ
Ուրախ եմ որ այս կարգի կարեւոր հարցի մը քննութիւնը պիտի ընենք միասին թեպետեւ դասախօսութեան ընձեռած սահմանափակ ժամանակին մէջ որովհետեւ քաջ գիտենք որ ազգի մը ապագան կը կերտուի իր երիտասարդ մարդոցմով որոնց սրտին զարկերը կը ճշդեն անոր գոյատեւումը ապահովող շունչին տարողութիւնը։
Բոլորդ ալ լծուած էք արդէն տենդագին աշխատանքի, արուեստի եւ գիտութեան այլ եւ այլ բնագաւառներուն մէջ, մասնագիտութիւն ձեռք ձգելու հեռանկարով։
Գիտեմ թէ զանազան համալսարաններէ կու գաք ուր կը ստանաք համապատասխան կազմաւորում։ Սակայն ինչքան ալ տարբեր ըլլան ձեր յաճախած համալսարանները, վախճանական իմաստով, բոլորն ալ կը ձգտին նոյն նպատակին։ Ջամբել ուսանողներուն արժեւորուած մշակոյթ, հանդերձ հիմնական մասնագիտութեամբ եւ թեքնիքով եւ կատարել նաեւ գիտական հետազօտութիւններ։
Մարդուն յառաջացումը (la promotion de l’homme) չի կրնար սակայն ապահովուիլ սոսկ մշակոյթով եւ թեքնիքի մը իւրացումով։ Անհրաժեշտ է նաեւ որ ան բացուած ըլլայ հիմնական հարցերու առջեւ որոնք իր գոյութեան գերագոյն իմաստին կապուած իրողութիւններ են։ Հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու որոնում եւ գնահատանք, իսկ մեր պարագային նաեւ ազգային պատկանելիութեան ճանաչում եւ արդար իրաւունքներու հետապնդում որոնք առանց մեզ հեռացնելու համամարդկային արժէքներու գիտակցութենէն կ՜ամբողջացնեն մեր կազմաւորումը, կը ներդաշնակեն մեր հոգեմտաւոր կառոյցքը։
Պէտք չէ սահմանափակուիլ միատեսակ մշակոյթով, կաղապարուած մտքերով եւ իւրացուած մասնագիտութեան մը կեղեւին ներքեւ։ Ճիշդ է որ ամէն մասնագէտ կարելի չափով պէտք է խորացնէ իր ընտրած ճիւղը, սակայն ան պէտք է նաեւ օժտէ իր անձը յարակից այլ գիտելիքներով եւ մշակոյթով։ Բազմերանգ մշակոյթը եւ զարգացումը կը սատարեն մարդուն ամբողջականութեան եւ հոգեկան միութեան պահպանման, մանաւանդ անոր ուղիղ դատողութեան։ Մարդը օտար մշակոյթներու հետ իր ունեցած հաղորդականութեամբ պէտք է վերարժեւորէ ինքզինքը իր շրջապատին մէջ։
Ներկայիս գրեթէ բոլոր համալսարանները իրենց կրթական կառոյցքով կը ջանան իրագործել մարդու ներդաշնակ զարգացումը ապահովելու ձգտող ծրագիրներ։
Galbraith իր ճարտարարուեստի զարգացման նուիրուած գրքին մէջ յստակ կերպով կը բացատրէ մասնագիտութեան նեղ սահմաններուն մէջ ամփոփուելու վտանգները։
Edgard Faure մշակոյթի մասին UNESCO ներկայացուցած իր տեղեկագրին մէջ կ՜ըսէ թէ համալսարանները պէտք է ուսանողին ապահովեն մշակոյթ, թեքնիք եւ խղճի զարթնում ու գիտակցութիւն։
Սակայն երբ կը խօսինք խղճի մասին պիտի նկատի ունենանք անոր զանազան երանգները, մարդկային խիղճը, ազգային խիղճը, հաւաքական խիղճը եւայլն…
Այն ինչ որ կը վերաբերի ազգային խղճին որ մեր այսօրուայ նիւթին հետ կապ ունի, բազմաթիւ ազդակներ կը սատարեն անոր կենսագործման, ինչպէս ընտանիքը, շրջապատը եւ մանաւանդ դպրոցը, ուր ուսման միջոցով աշակերտին կը փոխանցուի մեր մշակութային ժառանգը եւ որուն առողջ ու հայեցի մթնոլորտին մէջ հայ պատանիին հոգիին մէջ կը բացուին ազգային գիտակցութեան խորունկ ակօսներ։
Ինչպէս գիտէք, դպրոցին դերը անհատին կազմաւորման մէջ անժխտելի է։ «Ամէն աշխատանք մանուկին կամ մարդուն վրայ, կ՜ըսէ Durkhռim, կ՜ենթադրէ վախճանականութիւն մը կամ առնուազն ուղղութիւն մը», հարց է սակայն գիտնալ թէ ազգային դիմագիծի պահպանման եւ հայ մշակոյթի տարածման տեսակէտէն մեր վարժարանները կ՜իրագործե՞ն արդեօք իրենցմէ ակնկալուած առաքելութիւնը։
Հետաքրքրական պիտի չըլլար միասին քննել մեր դպրոցներուն նպաստը այս մարզին մէջ եւ գնահատել առ այդ անոնց ուժականութիւնը ազգային ծառայութեան տեսանկիւնէն դիտած։
Այս հեռանկարով, պիտի առաջարկեմ որ նախ ամփոփ կերպով տեսնենք Լիբանանի բոլոր վարժարաններուն պարզած ընդհանուր պատկերը, աշակերտութեան թիւին, ուսուցիչներու որակին եւ ձեռք ձգուած արդիւնքներու տեսակէտէն ապա այդ բոլորին մէջ քննենք, բաղդատութեան լոյսին տակ, հայ վարժարաններու պարագան, պետական կրթական ծրագիրի իրագործման բնագաւառին մէջ եւ անոնց բերած նպաստը ազգային ծառայութեան գծով։
Տրուած ըլլալով որ պատերազմի տարիները կ՜աղաւաղեն հիմնական հարցերը, պիտի կատարենք այս բաղդատական քննութիւնները հիմնուելով գլխաւորաբար 1973-1974ի վիճակագրական տուեալներուն վրայ։
Ա.- Լիբանանի Վարժարաններու Պարագան
1) Լիբանանի դպրոցներու թիւը
1973-74ին Լիբանանի մէջ գործող դպրոցներու ընդհանուր թիւը ներառեալ հայ վարժարանները կը բարձրանար 2793ի որուն 1772ը նախակրթարան եւ 1021ը միջնակարգ եւ երկրորդական։ Նախակրթարաններուն 770ը պետական եւ 1002ը ոչ պետական, անհատական վարժարաններ են։ Միջնակարգի եւ երկրորդական 1021 վարժարաններու 540ը պետական եւ 481ը ոչ պետական, անհատական հաստատութիւններ են։
2) Աշակերտութեան թիւը
Նոյն շրջանին, աշակերտութեան թիւը կը բարձրանար 782.409ի, որուն 55% արական եւ 45% իգական սեռի կը պատկանին։ Երկրորդականի բաժիններուն մէջ այդ համեմատութիւնը կ՜ըլլայ 66% արական եւ 34% իգական սեռին համար։
3) Ուսուցչական կազմ
ա) Պետական վարժարաններուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներուն ուսման մակարդակը կը ներկայանայ հետեւեալ կերպով.
65% ունին պետական վկայական (պրըվէ-պաքալ. եւ համալս. վկայ.)
35% ունին այլ վկայականներ որոնք պետութեան կողմէ ճանչցուած են իբրեւ համազօր պետական վկայականներու։
բ) Ձրիավարժ վարժարաններու մէջ, 83% ունին պետական վկայական, 3.05% մասնագիտական եւ 13.95% ոչ պետական վկայականներ։
գ) Անհատական վճարովի վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներուն 83.77% ունին պետական վկայականներ, 0.59%
մասնագիտական եւ 15.64% ոչ պետական վկայականներ։
Պետական վարժարաններու մէջ, միջին հաշուով, ուսուցիչ գլուխ կայ 17 աշակերտ։
Վճարովի վարժարաններու մէջ այդ միջինը 23% է։
4) Պետական քննութեան արդիւնքներուն լիբանանեան ընդհ. միջինը Պրըվէի քննութեան ներկայացող աշակերտութեան 57.25% յաջողած է։ Պաքալորէայի ա. բաժնին համար յաջողութիւնը եղած է 34.06% իսկ բ. բաժնին համար իբրեւ ընդհանուր միջին 3 մասնաճիւղերուն, (փիլիսոփայութիւն, փորձառական գիտութիւն, ուսողութիւն) ան եղած է 61.54%։
5) Տարիքով ուշ մնացած աշակերտներուն պարագան
Լիբանանի նախակրթարաններու աշակերտութեան 65%ը համապատասխան դասարանին համար պահանջուած տարիքէն վեր եղած են։ Միջնակարգի մէջ այդ համեմատութիւնը կը բարձրանայ 80.67% իսկ երկրորդականի մէջ 82.53%։
Նախակրթարաններու աշակերտութեան 11.90% նախակրթարանը չ՜աւարտած կը լքեն դպրոցը, միջնակարգի աշակերտութեան 44.30% իսկ երկրորդական աշակերտութեան 66% կը լքեն դպրոցը առանց պաքալորիա առնելու։
Միջին հաշուով նախակրթարանի 3 աշակերտէն մէկը միայն կ՜անցնի միջնակարգը եւ 11էն մէկը երկրորդական։
Նախակրթարան արձանագրուած 50 աշակերտէն 1ը կ՜ստանայ պաքալորիա։
(Տեսնել այս մասին CREIL, կրթական հետազօտութեանց պարբերագիրքը, 1973-74 տարեշրջանի թիւը)
Համալսարաններու աշակերտութիւնը դուրս կը մնայ վերոյիշեալ թիւերէն։
Արդարեւ, 1973-74ին, համալսարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը բարձրանար 50.803ի, 2313 դասախօսներով։ Նոյն տարին տրուած է 5686 վկայական։
Բ.- Հայ Վարժարաններու Պարագան
1) Լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններու թիւը
1973-74ին Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող հայ վարժարաններու թիւը կը հասնէր 51ի։ Այս գումարէն դուրս կը մնան բնականաբար հայ առեւտրական վարժարանները (Սիմոնեան, Վարժապետեան, Գեպապճեան) ինչպէս նաեւ Հայկազեան գոլէճը եւ հայագիտական հիմնարկները եւ դպրեվանքները։
51 վարժարաններուն 29ը նախակրթարան եւ 22ը միջնակարգ եւ
երկրորդական են
51 վարժարաններուն 20 կը պատկանի ազգային իշխանութեան
11 հայ աւետարանական համայնքին
9 հայ կաթողիկէ համայնքին
5 հայ բարեգործ. ընդհ. միութեան
6 անկախ կամ այլ կազմակերպութիւններու կամ միութիւններու կապուած վարժարաններն են։
2) Աշակերտութեան թիւ
51 հայ վարժարանները յաճախող աշակերտութեան թիւը կը բարձրանայ 18526ի որուն 50.31% իգական սեռի կը պատկանին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի մէջ։
Միջնակարգի մէջ համեմատութիւնը 46% է արական սեռին համար եւ 54% իգական սեռին համար։
Երկրորդականի մէջ 50.47% արական եւ 49.53% իգական սեռին կը պատկանին։
3) Հայ վարժարաններու ուսուցչական կազմերը
Հայ վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներուն թիւը կը բարձրանայ 1105ի։
Անոնց կրթական մակարդակ առ հասարակ կը համապատասխանէ պետական միջինին։
Այսպէս 1105 ուսուցիչնրեուն 282ը համալսարանական են կամ համազօր վկայական ունի 381ը պաքալորիա վկայական ունի 321ը պրըվէ կամ համազօր վկայական` 23ը նախակրթարանի մակարդակ ունին։
Այլ խօսքով մեր ուսուցչական կազմերուն 25.50% համալսարանական է
34.40%ը պալաքորիա ունի եւ կամ համազօրագիր
29%ը պրըվէ
11.03ը նախակրթարանի մակարդակ ունի։
Ամփոփելով ըսենք որ 88.90%ը պետական վկայական եւ կամ անոր համազօրագիր ունի եւ 11.03%ը նախակրթարանի մակարդակ ունի։
Մեր ուսուցիչներուն մօտաւորապէս 1/5 օտարահպատակ է։ Անոնց միջին տարիքը 45-50 ինչ որ կը նշանակէ թէ տարիքով յառաջացածները աւելի հաւատրիմ կը մնան իրենց կոչումին։
Երիտասարդները յարափոփոխ են։ Անոնք երբ նիւթապէս աւելի նպաստաւոր գործ կը գտնեն կը լքեն ուսուցչութիւնը։
Այս պարագան շեշտուած է նախակրթարաններու մէջ եւ բնականաբար յառաջ կու գայ իրենց ստացած անբաւարար վարձատրութենէն։
Հայ վարժարաններու ուսուցիչներուն 41% արական եւ 59% իգական սեռի կը պատականին եւ ամէն մէկ ուսուցչի գլուխ, միջին հաշուով նկատի պէտք է ունենալ 16 աշակերտ։
Վերոյիշեալ տուեալները ցոյց կու տան որ հայ վարժարաններու ուսուցչական կազմերուն մէջ տիրապետող դիրք կը գրաւեն, թիւի տեսակէտէն ուսուցչուհիները։ Մինչդեռ Լիբանանի ընդհանուր պատկերին մէջ ուսուցիչ եւ ուսուցչուհի գրեթէ հաւասար են թիւով։
4) Պետական քննութեանց արդիւնքները
1972-73ի վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան որ հայ վարժարաններու արձանագրած յաջողութիւնները պետական քննութեանց մէջ եղած են հետեւեալները.-
պաքալորիա ա. բաժին 55%ը ներկայացող թեկնածուներուն պաքալորիա բ. բաժին 72%ը ներկայացող թեկնածուներուն պրըվէ 75.70% ներկայացող թեկնածուներուն
Տարիքով ուշ մնացած աշակերտներուն պարագան
Նախակրթարանի Ա. դասարանը արձանագրուած 1754 աշակերտներէն միայն 1209 հասած են 5րդ դասարան, մնացեալ 545 լքած են զայն եւ կամ փոխադրուած օտար վարժարան։
1209ին 763 արձանագրուած են միջնակարգ որոնց 338ը անցած
են երկրորդական, մնացեալ 425ը դադրեցուցած են իրենց ուսումը, կամ ճամբորդած եւ կամ պարզապէս փոխադրուած են օտար վարժարան։
Հայ վարժարաններու մէջ նախակրթարան արձանագրուած 3 աշակերտներէն 1ը կլոր հաշուով հասած է միջնակարգ, 6էն 1ը երկրորդական։
Նախակրթարան արձանագրուած 22 աշակերտէն 1 միայն ստացած է պետական բ. պաքալորիան։
6) Հայ աշակերտութեան օտար վարժարան յաճախելու պարագան
ա.- Նկատողութիւն
Շատ տարօրինակ եւ միեւնոյն ատեն մտահոգիչ երեւոյթի առջեւ կը գտնենք զմեզ երբ յետադարձ ակնարկով բաղդատենք անցնող տասը տարիներու ընթացքին (1964-1974) Լիբանանի ընդհանուր աշակերտութեան թիւին հոլովոյթը հայ վարժարաններու թիւին հետ։
1964-1974, Լիբանանի աշակերտութեան ընդհանուր թիւը աճած է 110% համեմատութեամբ իսկ հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւը աճած է 29.40% համեմատութեամբ։
Եթէ Լիբանանի աշակերտութեան ընդհանուր թիւին աճման համեմատութիւնը պահենք նաեւ մեր աշակերտութեան համար այն ատեն պէտք է որ մեր վարժարանները ունենային աւելի քան 30.000 աշակերտութիւն մինչդեռ անոնք ունին միայն 18.526 աշակերտ։
Ո՞ւր կը գտնուի ուրեմն մնացեալ աշակերտութիւնը։
Սխալ պիտի ըլլար մտածել որ հայ աշակերտները Լիբանանի աշակերտութեան միջին թիւէն աւելի մեծ համեմատութեամբ կը լքեն դպրոցը ու կ՜երթան աշխատելու։
Վերոյիշեալ թիւերը ցոյց կու տան որ ամէն տարի շուրջ 12.000 հայ աշակերտներ հաւանաբար կը լքեն հայ վարժարանները յաճախելու համար օտար վարժարաններ։ Երկիրը լքողներուն պարագան դեռ եւս մտահոգիչ համեմատութիւններու չէր հասած 1974ին։
բ.- Նկատողութիւն
1973-74ին Լիբանանի աշակերտութեան թիւը իր բնակչութեան 29% կը կազմէր։ Նկատի ունենալով օտարահպատակ ուսանողներուն պարագան ինչպէս նաեւ վիճակագրական որոշ անճշդութիւններ, այս համեմատութիւնը կրնանք հայ բնակչութեան պարագային 23%ի իջեցնել։ Արդէն UNESCOի վիճակագրութիւններուն համաձայն, Լիբանանի ընկերային եւ տնտեսական պայմանները ունեցող եւ աճման մօտաւորապէս նոյն չափանիշը պահող երկիրներուն մէջ աշակերտութեան թիւը ժողովուրդի բնակչութեան 24-26.5% է։ Ուրեմն եթէ 1974ին նկատի ունենանք 160.000 հայ բնակիչ իբրեւ սեղմ գնահատաում, մեր աշակերտութեան ընդհանուր թիւը պէտք է 36 հազար եղած ըլլար։ Եթէ հաշուենք 1000 համալսարանական ուսանող, կը մնայ շուրջ 34.000-35.000 աշակերտութիւն որուն միայն 18-19 հազարին հետքը ունինք հայ վարժարաններուն մէջ։
Ո՞ւր են ուրեմն մնացեալները։
գ.- Նկատողութիւն
Օտար վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու մէջ մանչերը կը կազմեն աշակերտութեան թիւին 55%, մեր մօտ 50.41%։ Սա ցոյց կու տայ որ երկրորդականի բաժնին մէջ, աշակերտները առաւելաբար իգական սեռի կը պատկանին։ Պէտք է թերեւս հետեւցնել որ ծնողները երկրորդականի բաժնին մէջ իրենց մանչ զաւակները աւելի մեծ թիւով օտար վարժարան կը ղրկեն քան թէ իրենց աղջիկները։
դ.- Նկատողութիւն
Հայ վարժարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւին աճը 1/4 է Լիբնանանի վարժարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւի աճին։
7) Հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան պարագան
ա.¬ Հայերէն լեզու
Հայերէնի մակարդակը մեր բոլոր վարժարաններուն մէջ առ հասարակ ան չէ ինչ որ էր ասկէ 25 տարիներ առաջ եւ արդէն կարելի չէ որ ալ ըլլայ նոյնը այս պայմաններուն մէջ։
Հարցին ծանօթ բազմաթիւ յարգելի անձնաւորութիւններ զանազան առիթներով ելոյթներ ունեցան այս մասին, ոմանք հասնելով չափազանցութիւններու։
1) Կրթական ծրագիր եւ դասագիրք
Ոմանք կ՜առարկէին թէ կրթնականն ծրագիր գոյութիւն չունի ինչ որ բոլորովին ճիշդ չէ։
Գործածուած դասագրքերը պատրաստուած են համաձայն նախապէս կիրարկուող կրթական ծրագիրներուն, աստիճանական յառաջդիմութեամբ։ Եւ արդէն բոլոր վարժարաններուն մէջ, հայ թէ օտար, գործածուող բոլոր դասագրքերը կրթական ծրագիրի մը հետեւողութեամբ պատրաստուած դասագրքեր են։ Անոնք կը պատրաստուին զանազան հեղինակներու կողմէ, կը մատուցուին գործածութեան եւ հրատարակչական տուներ կը ծախեն զանոնք շուկայի վրայ։ Ոչ մէկ վարժարան լեզուի ուսուցման համար կրթական ծրագիր կը յանձնէ ուսուցչին, իբրեւ առաջարկ։ Ուսուցիչը կը ստանայ դասագիրքը եւ կը դասաւանդէ համաձայն անոր կողմէ բնորոշուած ցուցմունքներու։
Անկախ այս բոլորէն, ազգային իշխանութիւնը իր կարիքներուն համար ունի հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան յատուկ կրթական ծրագիր նախակրթարանի համար որուն վերջին տպագրութիւնը եթէ չի սխալիմ կատարուած է 1951ին։ Պիտի ըսէք ժամանակավրէպ է։ Ճիշդ է։
Սակայն կրթական ծրագիր մը նախ անհրաժեշտ է դասագիրք պատրաստելու համար ինչպէս վերեւ յիշեցինք։
Ակնյայտ է որ աշակերտներուն հայերէնի մակարդակը աւելի ցած է քան այն ինչ որ նախատեսուած էր 1951ի կրթական ծրագրով։ Սա կը նշանակէ թէ նահանջ կայ։ Այս վիճակը յառաջ կու գայ այն իրողութենէն որ հայ վարժարանները 25 տարիէ ի վեր յաւելեալ ճիգ թափելով պետական վկայականներուն յաջողութիւնը ապահովելու մտահոգութեամբ, նուազ կարեւորութիւն տուին հայերէնին, որ անխուսափելիօրէն տժգունեցաւ։
Արդարեւ նախակրթարանի շաբաթական 36-38 պահերուն 24 կը յատկացուին պետական ծրագրի գործադրութեան եւ միայն 14ը հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայերէնով դասաւանդուող առարկաներուն համար։ Մինչդեռ ասկէ 25 տարի առաջ ճիշդ հակապատկերն էր։
Միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ հայերէն լեզուին յատկացուած պահերը աւելի սահմանափակ են։
Ազգային վարժարաններու նախակրթարաններու պարագային ուր վերջին դասարանին ամավերջի քննութիւնները կը կազմակերպուին Ուսումնական Խորհուրդի կողմէ, երեւան եկաւ.
1) որ աշակերտին մօտ կը պակսի դիտելու կարողութիւնը
2) վարժութիւններու պակաս
3) ուսուցման մեթոտի բացակայութիւն
Երկրորդականի մէջ աշակերտներուն մօտ նիւթը վերլուծելու
եւ համադրելու կարողութիւնը կը պակսի, բացառութիւնները յարգելով։
Աշակերտը իր կրթական խճողուած ծրագիրներու բերումով եւ պետական քննութիւններուն մէջ յաջողելու իր տակնուվրայութեան մէջ մեծ կարեւորութիւն չի տար մայրենի լեզուին եւ մշակոյթին որ հետզհետէ նուազ հրապուրիչ կը դառնայ իրեն։
Ամփոփելով ըսենք, նախակրթարանը եւ միջնակարգը պէտք է ծառայեն աշակերտին սորվեցնելու համար լեզուն եւ երկրորդականը անոր փոխանցելու համար մեր մշակութային գանձերը։
բ.¬ Հայոց պատմութիւն
Հայոց պատմութեան պարագային, նախակրթարաններու մէջ դասաւանդութիւնը կը տառապի պատշաճ մեթոտի բացակայութենէն եւ անշուշտ համապատասխան գրերու չգոյութենէն իսկ միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ յստակ ծրագրի նաեւ համապատասխան դասագրքի պակասէն։
Նախակրթարանի մէջ անօգուտ է տղուն միտքը խճողել թուականներու անիմաստ շարանով։ Պատմութեան դասը, հոն, գլխաւոր դէպքերու եւ հարցերու բացատրութեամբ պէտք է դառնայ կենդանի պահ մը ու ձգտի աշակերտին ներարկել ազգային ոգի իսկ երկրորդականի մէջ ան պէտք է սատարէ աշակերտը կազմաւորելու ազգային ձգտումներուն տեսակէտէն։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Վերոյիշեալ տուեալներէն ի յայտ կու գան հետեւեալ իրողութիւնները.
1) Մեծ թիւով հայ աշակերտներ օտար վարժարան կը յաճախեն այն մտածումով որ հոն պիտի ստանան աւելի բարձր մակարդակի ուսում կարենալ դիւրութեամբ յաջողելու համար պետական քննութիւններու եւ մտնելու համալսարան ինչպէս նաեւ պիտի կարենան աւելի լաւ իւրացնել արաբերէնը ու օտար լեզուները եւ ապահովել անոնց սահուն գործածութիւնը։
Այն ինչ որ կը վերաբերի ազգային ոգիին, լեզուին ու պատմութեան, կը խորհին թէ այդ բոլորը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել ընտանեկան մթնոլորտին մէջ եւ կամ ակումբներէն ներս։
Ըսենք առաջին կէտին մասին որ պետական վկայականները ալ թապու չեն հայ վարժարաններու մօտ որոնց ձեռք ձգած արդիւնքները պաշտօնական քննութիւններու մէջ պատիւ կը բերեն իրենց։ Արաբերէնի ուսուցումը, հոն, այլեւս մտած է ընթացիկ հունի մը մէջ եւ աստիճանաբար կը բարելաւուի։
Կը մնայ տակաւին բարելաւել խօսակցական լեզուն (արաբերէն կամ օտար լեզու) որուն համար պէտք է կազմակերպել, դասապահերէն դուրս յատուկ աշխատանքներ, արտայայտչական արդի մեթոտներու կիրարկումով (techniquռ de l’expression)։
Օգտակար կը նկատենք նաեւ զարկ տալ գրական եւ փիլիսոփայական բաժիններուն որոնց իւրացումը աշակերտին համար դուռը պիտի բանայ համալսարաններու մարդկային գիտութեանց ճիւղերուն։ Այս անհրաժեշտ է որպէսզի մեր համալսարանները չ՜ընդգըրկեն միայն գիտական ճիւղեր այլ կարենան մտնել պետական պաշտօնէութեան մէջ, ուսանին իրաւաբանութիւն, քաղաքական գիտութիւններ եւայլն։ Աշխատանքի այս մարզերուն մէջ հայ պաշտօնէութեան թիւը 1%ի հաւասար է չ՜ըսելու համար որ հայութիւնը հոն անգոյ է։
Գալով երկրորդ կէտին, ըսենք առանց վարանումի որ հայ աշակերտը հայ վարժարանի մէջ կը գտնէ ապահովաբար հայկական հարազատ միջավայր, ազգային շունչ, կը մնայ հաղորդակից իր պատմութեան ընդմէջէն իր դարաւոր մշակոյթի գանձերուն, մնալով հանդերձ բացուած համամարդկային արժէքներուն եւ օտար մշակոյթներուն առջեւ։
Արդարեւ մայրենի լեզուն եւ ազգային մշակոյթը անհրաժեշտ են որպէսզի ենթական չի խզուի իր պատմական անցեալէն, չի բաժնուի իր հունէն, չի կտրուի իր արմատներէն։
2) Անհրաժեշտ է հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան համար ուսումնական նոր ծրագիր մշակել համաձայն մեր արդի պահանջքներուն եւ կարելիութիւններուն։
3) Պէտք է արդիականացնել ուսուցման մեթոտները եւ անոր կապակցաբար հրատարակել նոր դասագրքեր հիմնուելով որդեգրըւած նոր մեթոտներուն վրայ։
4) Հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասագրքերը նաեւ ուսուցման մեթոտները, բացի մանկապարտէզէն, կէս դարու հնութիւն կը բուրեն երբ արդէն լեզուներու ուսուցման համար մանկավարժութիւնը մեծ նուաճումներ արձանագրած է եւ բազմաթիւ նոր մեթոտներ իւրացուած են օտար գրեթէ բոլոր վարժարաններու կողմէ։
Ալ անցաւ այն շրջանը ուր ուսուցիչը միակ դերակատարն էր դասարանին մէջ։ Կը կարդար ու կը բացատրէր, մինչ աշակերտը կը մնար կրաւորական։ Ներկայիս, նախակրթարաններու պարագային յատկապէս, մանկավարժ ուսուցչին ցուցմունքներով ու թելադրութեամբ, աշակերտները իրենք կը գտնեն պահանջուած ճշդութիւնը ու կը հասնին օրէնքին։
Այս արդէն մեզ կ՜առաջնորդէ ուսուցիչներու կազմաւորման հարցին։ Եթէ մանկավարժական արդի մեթոտները օգտակար են համապատասխան դասագրքերու պատրաստութեան համար, ասոնց գործածութիւնը կ՜ենթադրէ բնականաբար պատրաստուած եւ որակաւոր ուսուցչական կազմ քանի որ կարելի չէ զեղչել պետական կրթական ծրագրին յատկացուած պահերը ի նպաստ հայերէնի ինչպէս նաեւ կարելի չէ առաւել եւս խճողել դասապահերուն թիւը։ Ուրեմն՝ նուազագոյն պահերով անհրաժեշտ է առաւելագոյն արդիւնքը տալ եւ անիկա մեթոտով, համապատասխան դասագրքերով եւ մանկավարժ ու ատակ ուսուցչական կազմով։
Պիտի առարկուի մեզի որ այդ բոլորը կ՜ենթադրէ լայն պիւտճէ երբ մեր վարժարանները զուրկ են անկէ։
Պատասխանս պիտի ըլլայ այն որ որակը եւ պիւտճէն իրարու շաղկապուած հարցեր են։ Երբ որակ կայ, արդիւնք կայ, աշակերտութեան թիւը կ՜աւելնայ եւ ալ պիւտճէի անբաւարարութեան հարց չի մնար։ Դժուարութիւնը առաջին 3-5 տարիներու համար է։ (Ս. Խանամիրեան գոլէճի պարագան որ 260 աշակերտէն բարձրացաւ 450ի եւ իր պիւտճէն փոխանակ տարեկան 50-60 հազար բացի ունեցաւ 100 հազար յաւելում)։
5) Կայ նաեւ այս բոլորէն դուրս ուրիշ կարեւոր ազդակ մը հայեցի դաստիարակութեան համար։
Մաղթելի է որ մեր դպրոցներէն ներս պահուին կոչում ունեցող ուսուցիչները, ստեղծուի մթնոլորտ, տրուի աշակերտութեան ազգային շունչ եւ ան գօտեպնդուի ազգային ոգիով առանց սակայն հասնելու այլամերժութեան որմէ պէտք է միշտ խուսափիլ։
Եզրակացնելով ըսենք որ շատ բան կախում ունի ուսուցիչէն, դաստիարակէն, տնօրէնէն։ Կարելի չէ տկար ուսուցչական կազմէ պահանջել աւելին քան այն ինչ որ ի վիճակի է տալու։
Պիտի գիտնանք վերջապէս որ կրթութեան բնագաւառին մէջ, ինչպէս այլուր, հրաշքներ չկան։ Կը հնձենք ինչ որ կը ցանենք։ Տասը տարիներ առաջ կը խօսէինք մօտաւորապէս այս հարցերուն շուրջ, տասը տարի ետքը պիտի դարձեալ խօսինք նոյն թերացումներու մասին եւ թերեւս պատկերը ըլլայ աւելի ողբերգական եթէ մինչ այդ բան չէ փոխուած։
Չի բաւեր քննադատել եւ կարծիքներ տալ։ Բոլոր յաջողութիւնները արդիւնք են վճռական քայլերու, հաւաքական ու կազմակեր- պուած աշխատանքի, նուիրումի եւ մանաւանդ հաւատքի։
Մեր ուսուցչական կազմերը պէտք է մենք պատրասենք մեր միջոցներով, ճշդենք գոյութիւն ունեցող 5-6 մեթոտներուն յարմարագոյնը մեր լեզուին եւ պատմութեան ուսուցման եղանակը որդեգրելու համար, պատրաստենք որոշուած մեթոտներուն համապատասխանող դասագրքեր։
Ահա այն ամբողջութիւնը որ կրնայ փրկել հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ մշակոյթի տարածման դերը մեր վարժարաններէն ներս որոնք միեւնոյն ատեն օտար վարժարաններու հետ մըրցակցութեան մէջ մտնող կրթական միաւորներ պէտք է ըլլան պետական քննութիւններու եւ օտար լեզուներու մէջ յաջողութեան տեսակէտէն որպէսզի օտար վարժարան յաճախող մեր աշակերտութիւնը վերադառնայ հայ վարժարան ու չի զրկուի հայ լեզուի ու մշակոյթի գանձերէն։
Անհրաժեշտ է նաեւ քաջալերել եւ թիկունք կանգնիլ հայագիտական հիմնարկներուն որպէսզի անհետացող հայերէնագէտները փոխարինուին նորերով։
Պէտք է յարակցաբար այս բոլորին, կազմակերպել հայագիտական ասուլիսներ, բանասիրական հանդիպումներ, հրատարակել հայագիտական հանդէս մը, թերեւս ասոնց համար յարմար վայրը Անթիլիասի վանքն է։ Այդ մէկը կը ձգեմ Վեհափառ Հայրապետին գնահատումին եւ բարձր դատողութեան։
Փակելէ առաջ խօսքս կ՜ուզեմ աւելցնել նաեւ որ մեր վարժարանները պէտք չէ բաւարարուին միայն աշակերտին յաջողութեամբը պետական քննութիւններուն մէջ եւ հայերէն լեզուի ու հայոց պատմութեան ուսուցումով այլ օգտագործելով կրթութեան ուժականութիւնը պէտք է դրոշմեն աշակերտին ազգային դիմագիծ, ջամբեն գիտակցութիւնը իբրեւ սփիւռքահայ, իրեն սահման- ուած սրբազան պարտականութեան եւ զայն կասուցանեն հոգածու տէր ու պաշտպան մեր դարաւոր մշակոյթին, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն ու պատմական անկորնչելի իրաւունքներուն։
Դպրոցը, ինչպէս կ՜ըսէ կրթական հարցերու մեծ մասնագէտ մը, հաստատութիւն մըն է անքակտելի կերպով կապուած կեանքին ու անով իսկ մարդկային ընկերութեան պահանջքներուն ու ես պիտի աւելցնէի, մեր պարագային՝ նաեւ ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան։
29-3-80