Սփիւռքի բոլոր հայ վարժարանները կը հետապնդեն երկու հիմնական նպատակ։ Հայ աշակերտին տալ ազգային դիմագիծ եւ պետական կրթական ծրագրի ընդմէջէն որոշ կազմաւորում կարենալ կուրծք տալու համար կեանքի պահանջքներուն եւ իր տեղը ճշդելու համար մարդկային ընկերութեան մէջ։
Լիբանանի պարագային, առաջին աշխարհամարտէն ետք, երբ արեւմտահայ տարագիր ազգաբնակչութիւնը կայք հաստատեց ասպնջական այս երկրին մէջ, իր ֆիզիքական գոյութեան առընթեր մտածեց նաեւ ի պատիւ իրեն ազգային դիմագիծի անխաթար պահպանման նախանձախնդրութեամբ, եկեղեցիներ կառուցանել եւ դպրոցներ կանգնել ուր մայրենի լեզուն, հայոց պատմութիւնը կրօնական եւ եկեղեցական դաստիարակութիւնը եւ ազգային մշակոյթը առանցքը կազմեցին կիրարկուող ուսումնական ծրագիրներուն։
Երկրորդ աշխարհամարտէն յետոյ, յատկապէս 1950էն ետք, գաղթական հայութիւնը հետզհետէ տեղաւորուելով դուրս կու գար իր թաղի սահմաններէն զոր կը նկատէր իր ընկերային կեանքին հարազատ միջավայրը եւ ուր կ՜ապրէր ինքն իրմով եւ ինքն իր մէջ ամփոփուած ու կապեր կը հաստատէր իր նոր շրջապատին հետ։ Վաղուան նիւթական մտահոգութիւնը եւ աւելի բարւոք վիճակի մը հեռանկարները զինքը կը մղէին օգտապաշտ քաղաքականութիւն որդեգրելու եւ առ այդ յաւելեալ կարեւորութիւն ընծայելու տեղական եւ օտար լեզուներու ուսուցումին։
Նիւթապէս աւելի ամրապնդուած, գաղթական հայը իր զաւակներուն ուզեց տալ երկրորդական եւ համալսարանական ուսում եւ այդ իսկ պատճառով պետական վկայական ապահովելը նկատեց առաջնահերթ մտահոգութիւն։
Ստեղծուած նոր հոգեվիճակը եւ կեանքի նոր դասաւորումը ազգային իշխանութիւնները եւ առհասարակ կրթական կեանքի պատասխատուները դրին նոր հրամայականի մը առջեւ։
Անոնք չէին կրնար անտեսել նոր գոյավիճակը որ արդար էր եւ շարունակել կրթական նախկին դրութիւնը այլապէս կրնային կորսնցնել զգալի տոկոս մը իրենց աշակերտութենէն որ այս պարագային օտար վարժարան յաճախելով պիտի կորսնցնէր հայ վարժարանի շունչը եւ պիտի զրկուէր ազգային դաստիարակութենէ։ Անհրաժեշտ էր ներդաշնակութիւն մը ստեղծել ժողովուրդի պահանջքներուն եւ ազգային մտահոգութիւններու միջեւ եւ այդ կրնար ըլլալ կրթական ծրագիրներու վերատեսութեամբ եւ հոն հարկադրաբար լայն տեղ տալով տեղական անմիջական պահանջքներուն համապատասխանող առարկաներու ուսուցման ի վնաս դժբախտաբար հայերէն լեզուին եւ հայերէնով դասաւանդող առարկաներուն։
Միւս կողմէ, Լիբանանի անկախութենէ յետոյ պետական կրթական բազմաթիւ տնօրինումներ, վարչական թէ ծրագրային ալ եւս կամայականութեան առիթ չէին տար։ Արդարեւ Լիբանանի կրթական բարեփոխեալ նոր ծրագիրներու ամբողջական գործադրութիւնը նաեւ վարչական այլ պարտադրանքներ հայ վարժարանները կը դնէին դժուար կացութեան մը առջեւ եւ առ այդ կատարուած պարագայական պատշաճեցումները անբաւարար արդիւնք կու տային ոմանց մօտ ազգային կրթական ծրագրի իւրացման տեսակէտէն, իսկ ուրիշներու մօտ պետական կրթական ծրագրի կիրարկման մէջ։
Արդարեւ պետական կրթական ծրագիրները որոնք անկախութենէն առաջ ձեւաւորուած էին հիմնուելով ֆրանսական կրթական ծրագիրներու վրայ, 1944-48 ունեցան կարեւոր բարեփոխութիւններ։ 1961ին գործադրութեան դրուեցան փորձառական գիտութեանց պաքալորեան, արդի մաթեմաթիքը, քաղաքացիական դաստիարակութեան նոր ծրագիրները։ 1963էն սկսեալ ուսուցիչներու վերաւորակաւորման մնայուն վարիչ կազմ մը կը կազմակերպէ յատուկ դասընթացքներ որոնց պարտադրաբար պէտք է հետեւէին կրթական նախարարութեան կապուած բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։ 1971ին լոյս տեսան բարեկարգչական նոր օրէնքներ որոնք բարեփոխութիւններ յառաջ բերին, յատկապէս միջնակարգի եւ երկրորդականի ծրագիրներուն մէջ։ 1976ին նոր յանձնախումբ մը նշանակուեցաւ հիմնովին վերատեսութեան ենթարկելու եւ բարեկարգելու համար կրթական ծրագիրները, նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական։ Յանձնախումբը բաւական աշխատանք տարաւ եւ փորձեց այժմէացնել մասնաւորաբար երկրորդականի կրթական ծրագիրը։ Ցարդ գործնական ոեւէ քայլեր չառնուեցան եւ պատրաստուած աշխատանքն ալ կը մնայ գզրոցներու մէջ փոշեթաթախ։ Անշուշտ պատերազմն ալ իր կարգին չի նպաստեց վերոյիշեալ բարեկարգութիւններու փութացման։
1951ին կը հիմնուէր լիբանանեան համալսարանը եւ 26 Դեկտ. 1961ին լոյս կը տեսնէր բարձրագոյն ուսման առընչուած լիբանանեան օրէնքը որուն համաձայն Լիբանանի հողի վրայ գոյութիւն ունեցող ոեւէ համալսարան արձանագրուելու համար լիբանանցի թեկնածուին պայման էր ունենալ լիբանանեան պաքալորիա բ. Մաս եւ կամ պաշտօնապէս անոր համազօր ճանչցուած վկայական մը։ Համազօրութեան ճշդումը պիտի կատարէր յատուկ յանձնախումբ մը բաղկացած գործող համալսարաններու ինչպէս նաեւ դատական եւ կրթական նախարարութեանց ներկայացուցիչներէ։ Այս յանձնախումբը կը գլխաւորուէր կրթական նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը եւ կամ անոր ներկայացուցիչը։ Ընդհանուր սկըզբունքով համազօրագիր կը տրուէր այն բոլոր օտար վկայականներուն որոնց շնորհիւ թեկնածու մը կրնար համապատասխան երկրին մէջ համալսարան արձանագրուիլ։ Բացառութիւն կը կազմէր իրաւաբանական ճիւղը որուն լիբանանցի թեկնածուն կրնար արձանագրուիլ համազօր օտար վկայականով միայն մինչեւ Դեկտ. 1963 որմէ յետոյ ոեւէ համազօր վկայական չէր ընդունուէր։
1965ին Յունիս 8ին լոյս կը տեսնէր թեքնիք պաքալորիայի օրէնքը։ Փետր. 1970ին լոյս կը տեսնէր օրէնք մը որ կը ջնջէր համազօ- րութեան սկզբունքը վարաչական եւ քաղաքական գիտութեանց ճիւղին արձանագրուելու համար։
Վերջապէս 17 Դեկտ. 1973ին լոյս կը տեսնէր այն օրէնքը որուն համաձայն լիբանանցի ուսանողներու Լիբանանի մէջ իրենց բարձրագոյն ուսումը ընել ուզողի համար վերջնականապէս կը ջնջուէր համազօր վկայականի դրութիւնը։ Բացառութիւն կը կազմէին անոնք որոնց ծնողքը գոնէ 3 տարիէ ի վեր արտասահման հաստատուած էին գործի բերումով։
1976էն յետոյ պատերազմական վիճակին հետեւանքով լոյս տեսան բացառութիւն կազմող նոր օրէնքներ, ամենավերջինը այս ամառ որ կ՜ընդունէր համազօր վկայականի դրութիւնը մինչեւ 1985 ներառեալ։
1973ի պետական օրէնքին կը հետեւէր կրթական նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնին կողմէ ղրկուած շրջաբերական մը, որ յիշեցնելէ յետոյ 1961-1973 օրէնքները կը սպառնար պատժական միջոցներու դիմել անսաստող հաստատութեանց նկատմամբ։
Որոշ հեռաւորութեամբ առնուած այս վճռական որոշումները հիմնովին վերջ կը դնէին տակաւին դիւրութիւններ ընծայող համալսարաններուն եւ լիբանանեան պաքալորիան բ. մասը կը դարձնէին բարձրագոյն ուսման արձանագրուելու միակ միջոցը։ Օգտակար կը նկատեմ հոս յիշել ոչ մինչ այդ Ամերիկեան եւ Ֆրանսական համալսարաններու զանազան ճիւղերուն արձանագըրուելու համար այն թեկնածուներուն հանդէպ որոնք պաքալորիայ չունէին հասկացողութիւն կը ցուցաբերուէր։ Հինէն եկող դժուարութիւններ էին։
Ամերիկեան համալսարանը High school շրջանաւարտ աշակերտները կ՜ընդունէր ֆրէշմէն եւ այդ ընթացքով ուսանողը կը շարունակէր իր համալսարանական ուսումը։ Ասիկա ընդհանրացած էր մանաւանդ այն շրջանին երբ ազատ ասպարէզներու սէնտիքաները լիբանանեան պաքալորիան պարտադիր չէին նկատեր բարձրագոյն ուսման համար։
Ֆրանսական համալսարաններու մէջ կար դարձեալ հինէն եկող օրէնք մը որ բարեփոխուեցաւ 1958ի Ժէնէրալ Տը Կոլի օրով, որուն համաձայն եթէ երկրորդական ուսումը աւարտած անձ մը 21 տարեկան է եւ ցարդ չէ ներկայացած պաքալորիայի քննութեան, եւ կամ եթէ ոեւէ պարագային 25 տարիքը բոլորած է կրնայ արձանագրուիլ համալսարան պայմանաւ սակայն որ յաջողի նոյն համալսարանի մուտքի քննութեան։ Այս կարգադրութենէն չէին կրնար օգտուիլ բժշկագիտական ճիւղերու թեկնածուները։
Այս բոլորէն դուրս մէջ ընդ մէջ, կրթական նախարարութենէն բխած հրահանգներ կը շեշտեն պետական որոշումներուն ենթարկուելու եւ պետական կրթական ծրագիրը անթերի գործադրելու պահանջքը, յատկապէս ձրիավարժ վարժարաններու պարագային ուր ստոյգ թերացումներ դեռ եւս տեղի կրնային տալ վճարուելիք նպաստի մասնակի կամ ամբողջական կախակայման։ Պետական քննիչներ կը մտնեն դասարան կը քննեն դասագրքերը, կ՜ընեն հարց ու փորձեր եւ վերջապէս կը հսկեն կրթական ծրագրի գործադրու- թեան վրայ ու առ այդ կը տեղեկագրեն։ Վարչական գետնի վրայ, քննիչները շատ խիստ են ուսուցիչներու հպատակութեան, անոնց ունեցած վկայականներուն եւ մասնագիտութեան նկատմամբ, եւայլն։
Յստակ ձգտում կայ պետութեան մօտ, դպրոցական եւ համալսարանական ուսումը իր ամբողջական հակակշռին ենթարկելու։ Իսկ միւս կողմէ, սահմանադրութեան բազմամշակութային տրամադրութիւնները հիմք բռնելով, քրիստոնեայ վարժարաններու խմբակցութիւններ, յատկապէս կաթողիկէ վարժարաններու եպիսկոպոսական յանձնախումբեր ճիգ չեն խնայեր պահելու համար աշխատանքի որոշ ազատութիւն։
Հայ վարժարանները նախքան պետական օրէնքներու գործադրութեան եւ Լիբանանեան պաքալորիա ունենալու անհրաժեշտութենէ բխած մտահոգութեան տասնամեակներ շարունակ գործադրեցին իրենց յատուկ կրթական ծրագիրներ։ Ֆրանսական թեքում ունեցող վարժարանները կը ներշնչուէին ֆրանսական վկայականներու առաջնորդող կրթական ծրագիրէն, իսկ անգլերէն թեքում ունեցողները կը գործադրէին հայ սքուլի կրթական ծրագիր որ կ՜առաջնորդէ աշակերտը ամերիկեան համալսարանի ֆրէշմէն դասարանի մուտքին։ Կային տակաւին ուրիշներ որոնց համար հիմնականը հայերէն լեզու եւ հայ մշակոյթն էր միայն։
Պետական կրթական խիստ հարկադրանքներու իբր հետեւանք հայ վարժարանները աստիճանաբար բարեփոխեցին իրենց կրթական ծրագիրը։
Անհրաժեշտ էր ներդաշնակութիւն մը ստեղծել ժողովուրդի պահանջքներու եւ ազգային մտահոգութիւններուն միջեւ եւ այդ կրնար ըլլալ կրթական ծրագիրներու իրագործման համար յատկացուած դասապահերու վերատեսութեամբ եւ ինչ որ կը նշանակէր հարկադրաբար լայն տեղ տալ պետական ծրագրի անմիջական պահանջքներուն համապատասխանող առաջարկներու ուսուցման ի վնաս դժբախտաբար հայերէն լեզուի եւ հայերէնով դասաւանդուող առարկաներու։
Թափուած ճիգերը թէպէտ արդիւնաւէտ եղան պետական վկայականներու ստացման տեսակէտէն, քանի որ հայ վարժարանները յուսախաբ չեն ըրած հայ ծնողները այդ առնչութեամբ եւ ընդհակառակը երբեմն ալ ի պատիւ իրենց փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգած են, սակայն ընդհանուր նահանջ կը նկատուի ազգային ծրագիրներու իւրացման գծով։
Ասիկա արդէն հարցը կը դնէր ազգային մակարդակով կրթական քաղաքականութեան մը մշակման որուն պատրաստութեան համար, ազգային գաւառական ժողովի պահանջքով, համապատասխան մարմիններ գործի լծուեցան եւ 1978ին վաւերացնել տուին, վերոյիշեալ ժողովի կողմէ, կրթական քաղաքականութեան ծրագիր մը որուն մէջ իբրեւ հիմնական սկզբունք կը բնորոշուէին հետեւեալ 2 կէտերը։
ա) «Լիբանանեան կրթական ծրագրի ամբողջական կիրարկում
եւ առ այդ հետեւողական աշխատանք աշակերտին ապահովելու համար պետական վկայական։
բ) Ազգային կրթական ծրագրի կարելի գործադրութեամբ, ձգտիլ աշակերտութեան տալ ազգային առողջ դիմագիծ, անոր փոխանցել մեր ազգային-եկեղեցական մշակութային ժառանգը, սորվեցնելով հայերէն լեզու, կրօնագիտութիւն եւ հայոց պատմութիւն»։
Գործնական գետնի վրայ հայագիտական նիւթերու եւ հայերէնով դասաւանդուած առարկաներու տրամադրուած դասապահերու թիւը ինչպէս վերեւ յիշեցինք անխուսափելիօրէօն սահմանափակուեցաւ։
Ազգային եւ պետական կրթական ծրագիրներու զոյգ պահանջքներուն գոհացում տալու դիտաւորութեամբ առնուած քայլերը, ազգային վարժարաններու մէջ, ներկայիս հետեւեալ պատկերը ցոյց կու տան։
Ձրիավարժ վարժարաններու պարագային ուր խիստ հակակշիռ կայ պետական ծրագրի գործադրութեան տեսակէտէն։
36 պահի վրայ, 14ը հայերէնով են, 20ը պետական կրթական ծրագրին կը հետեւին արաբերէնով կամ օտար լեզուով, 2ը մար-
զանք, երգ, հայերէնով։
Վճարովի վարժարաններու պարագային ուր դեռ եւս որոշ հանդուրժողութիւն կը վայելենք՝
Նախակրթարանի մէջ.-
36 պահի վրայ, 20ը հայերէնով է, 14ը պետական կրթական ծրագրի կ՜առընչուի 2ը մարզանք, երգ, հայերէնով։
Միջնակարգի մէջ.- 36 պահի վրայ, 8ը միայն հայերէնով է եւ մնացեալ 28ը պետական կրթական ծրագրի կը հետեւի հայերէնով կամ օտար լեզուով։
Երկրորդականի մէջ.- 36 պահ է։
Իրերու այս կացութեան մէջ երբ կարելի չէ բարձրացնել հայագիտական նիւթերու յատկացուած դասապահերու թիւը ինչպէս նաեւ կարելի չէ առաւել եւս խճողել դասացուցակը, ազգային իշխանութիւնը իր ճիգերը կ՜ուզէ կեդրոնացնել յատկապէս որակի մակարդակով եւ անով իսկ ապահովել նուազագոյն պահերով առաւելագոյն արդիւնք եւ այդ՝ բարելաւելով ուսուցման մեթոտները, արդիականացնելով դասագրքերը եւ օժտելով վարժարանները մանկավարժ ու ատակ ուսուցչական կազմերով ինչ որ մեզ կ՜առաջնորդէ հետեւեալ կէտերու իւրացման։
ա) Նախ յստակ կերպով ճշդել ազգային դաստիարակութեամբ մեր ակնկալած արդիւնքը ուսման զանազան հանգրուաններուն՝ նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական, ապա վերագնահատել հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան եւ կրօնքի ուսուցման կրթական ծրագիրները նկատի առած անոնց համար յատկացուած դասապահերու թիւը։
բ) Պատրաստել հայագիտական նիւթերու համար արդիական ըմբռնումով եւ մանկավարժական ներկայ պահանջքներուն գոհացում տուող դասագրքեր որոնք ըլլան հաղորդական աշակերտի ներկայ աշխարհին հետ եւ համապատասխան վերոյիշեալ բարեփոխուած կրթական ծրագրին։
գ) Կազմակերպել մանկավարժական կազմաւորման եւ մեթոտաբանութեան նուիրուած պարտադիր դասընթացքներ նախակրթարաններու ուսուցչական կազմերուն համար եւ վերակաւորման դասընթացքներ մնացեալներուն։
դ) Առաջացնել ուսուցչական համագումարներ եւ հոն խորհրդակցութեան հրաւիրել ներկաները ազգային կրթական կեանքը յուզող հիմնական հարցերու շուրջ։
Սակայն այս բոլորը պիտի չի տան ակնկալած արժէքը եթէ մեր վարժարաններէն ներս չի կարենանք ստեղծել անհրաժեշտ ազգային մթնոլորտը առանց հասնելու այլամերժութեան եւ կտրուելու մեր շրջապատէն եւ այլ մշակոյթներէն։
Այս բոլորը պիտի մնան ապարդիւն եթէ չի կարենանք ունենալ հաւատաւոր ուսուցիչներ որոնք իրենց շունչով պիտի կարենան հրահրել աշակերտներուն մէջ ազգային գիտակցութեան ոգին եւ ներշնչել անոնց իտէալ առանց որուն բարձրացող սերունդները կը դատապարտուին ամլութեան եւ ուծացումի։
Վերջին հաշուով, հրաշքներ չկան կրթութեան բնագաւառին մէջ։ Կը հնձենք այն ինչ որ կը ցանենք։ Եւ այս պարագային պէտք ունինք բարեխիղճ մշակին, անոր հասկացողութեան եւ նուիրումին եւ մեր կարգին պարտաւոր ենք մեր կողմէ անոր հանդէպ ցուցաբերել արդար գնահատանք։
Որքան պէտք է լեզուին ու պատմութեան ուսուցումը հայեցի դաստիարակութեան համար, նոյնքան եւ անհրաժեշտ է ուսուցչին շունչը անոր կենսագործման եւ բեղմնաւորման համար։ Արդարեւ ազգային առողջ դաստիարակութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցմամբ այլ պէտք է ձգտի աշակերտը խարսխել իր ինքնութեան վէմին, չի կտրել զինքը իր արմատներէն, եւ զայն գօտեպնդել հաւատքի ոյժով հանդէպ իր ժողովուրդի արժէքներուն եւ դարաւոր մշակոյթին, վերջապէս դարձնել զինքը յանձնառու գիտակցութեան ճամբով եւ ոչ պարագայական խանդավառութեամբ, արդարեւ պատմութիւնը կը կերտուի յանձնառու մարդոցմով։
Մեր կրթական հաստատութիւններու առաքելութիւնը պէտք է դերեւս վերանայուի այս հորիզոններով եւ ազգային դաստիարակութեան իմաստը, տեղը եւ սահմանները տեղ գտնեն այս հեռանկարներով առանց որ մեղանչում կատարենք մեր միւս պարտականութեան որ է յարգել պետական կրթական ծրագիրը եւ մեր աշակերտներուն ապահովել պետական վկայականներ։
Ինչպէս գիտէք դպրոցի եւ ուսուցչի դերը անհատի կազմաւորման մէջ անժխտելի է։ «Ամէն աշխատանք մանուկի վրայ, կ՜ըսէ Durkheim կ՜ենթադրէ վախճանականութիւն մը կամ առնուազն ուղղութիւն մը»։
Կ՜ուզենք ըլլալ հետեւողական մեր առաջադրանքներուն նկատմամբ եւ հաշտ մեր ազգային խղճիի թելադրութիւններուն հետ կ՜ուզենք պատրաստել լաւ եւ յանձնառու հայ, ծանօթ հայ մշակոյթին, հպարտ իր ինքնութեամբ, բայց ոչ կտրուած իրենց շրջապատէն եւ անոր պահանջքներէն։
Փակելէ առաջ զրոյցը կ՜ուզեմ յիշել կրթական հարցերու մեծ մասնագէտի մը խօսքը որուն համաձայն դպրոցը հաստատութիւն մըն է ագուցուած անքակտելի կապերով կեանքին եւ անով իսկ մարդկային ընկերութեան պահանջքներուն ու թոյլ տուէք որ մեր պարագային համար, ես ալ աւելցնեմ «նաեւ ազգին եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան»։