CONTEMPLATION ON NATION-ORIENTED ARMENIAN INSTRUCTION, NATIONAL SCHOOLS, AND GENERAL SPREAD AND DEVELOPMENT OF THE ARMENIAN CULTURAL VALUES
Աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր, պետութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու մօտ, միջնակարգէն ետք իրենց կրթական ծրագիրներուն մէջ այլազանութիւն ներմուծելու յստակ ձգտում մը կայ։ Այսպէս, այն երկիրները, ուր համալսարանի մուտքը պայմանաւորուած է պաքալորիայով՝ իբրեւ պետութեան կողմէ ճանչցուած երկրորդական ուսման վկայական, առաջացուած են պաքալորիայի զանազան բաժանմունքներ, որոնց շնորհիւ աշակերտը կրնայ կատարել լայն ընտրութիւններ՝ հետագային իր ընդգրկելիք մասնագիտութեան…