FRANÇAIS OU ANGLAIS : QUELLE PREMIÈRE LANGUE CHOISIR DANS LES ÉCOLES ARMÉNIENNES AU LIBAN ?
Անցեալ քսանհինգ տարիներու ընթացքին եւ յատկապէս վերջին տասնամեակին, հանրային կարծիքը զբաղեցնող եւ լիբանանեան մամուլին նիւթ մատակարարող հարցերէն մէկը եղաւ պետական կրթական ծրագիրներու փոփոխութեան կապակցութեամբ, օտար լեզուներու ուսուցումը լիբանանեան վարժարաններուն մէջ։ Թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտուեցան։ Ոմանք առաջարկեցին ֆրանսերէնը փոխարինել անգլերէնով, ա՛յն պատճառաբանութեամբ որ անգլերէնը աւելի տարածուած լեզու է, թէ ներկայիս արաբական բոլոր երկիրներու մէջ ընդհանրացած…